«Հայրենադարձութեան շաբաթ» միջոցառումներուն շարքը պիտի ներառէ 5 լեզուով առցանց եւ անցանց միջոցառումներ

2021-12-09
Image

ՀՀ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարին գրասենեակը դեկտեմբեր 13-19-ին պիտի իրականացնէ Հայրենադարձութեան շաբաթ մը: Եօթնօրեայ միջոցառումներուն շարքը նախատեսուած է այն սփիւռքահայերուն համար, որոնք կը փափաքին իրենց կեանքը շարունակել Հայաստանի մէջ, կը մտածեն հայրենադարձութեան մասին կամ պարզապէս տեղեկացուած չեն հայրենիք վերադարձի կարելիութիւններուն մասին: Այս մասին տեղեկացուցին ՀՀ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարին գրասենեակէն։

Ըստ աղբիւրին՝ Հայրենադարձութեան շաբաթը տեղի պիտի ունենայ առաջին անգամ ըլլալով եւ բաղակացած պիտի ըլլայ առցանց եւ անցանց միջոցառումներէ, ինչպէս նաեւ հայրենադարձներու տակաւին չպատմուած լուսանկարչական եւ տեսապատմութիւններէ:

«Արեւմտահայերէն ուղիղ միացումը՝ դեկտեմբեր 13-ին, պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու իրավիճակին՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Քուէյթէն  հայրենադարձներուն հետ քննարկման ձեւաչափով: Դեկտեմբեր 14-ին, սպաներէն ուղիղ միացմամբ արժանթինահայ եւ ուրուկուէյահայ հայրենադարձները պիտի խօսին Հայաստանի մէջ մասնագիտական աճի կարելիութիւններուն մասին: Դեկտեմբեր 15-ին Ֆրանսայէն եւ Պելճիքայէն հայրենադարձները ֆրանսերէնով պիտի պատմեն Հայաստանի կենսակերպի եւ ապրելակերպի մասին: Դեկտեմբեր 16-ին ռուսահայ հայրենադարձները ռուսերէնով պիտի պատմեն անհատական եւ ընտանեկան հայրենադարձութեան խնդիրներու եւ անոնց յաղթահարման կարելիութիւններուն մասին»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին՝ դեկտեմբեր 17-ին հայրենադարձ երիտասարդները ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակէն ներս պիտի մասնակցին կապերու հաստատման եւ ծանօթութիւններու ընդլայնման միջոցառման: Կը նշուի, որ դեկտեմբեր 18-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն եւ Գերմանիայէն Հայաստան ժամանած եւ այստեղէն հեռավար աշխատանք իրականցնող մասնագէտները անգլերէնով պիտի ներկայացնեն Հայաստանէն աշխարհի համար հեռավար աշխատանքի կարելիութիւններն ու առաւելութիւնները: Դեկտեմբեր 19-ին Հայրենադարձութեան շաբաթը պիտի եզրափակուի հայրենադարձ ընտանիքներու երեխաներու մասնակցութեամբ ամանորեայ ձեռնարկով:

ՀՀ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ «Հայրենադարձութեան շաբթուան»  բոլոր միջոցառումներուն մասին նորութիւնները հասանելի պիտի դառնան https://bit.ly/3rFdx4r յղմամբ: