«Մենք աշխատում ենք ՌԴ–ի հետ, եւ ընդդիմութեանն էլ նոյնը կոչ կ'անէի». Գրիգորեանը` Լաչինի մասին

2022-12-20
Image

Լաչինի միջանցքի հիմնական պատասխանատուն Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է:  «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին շեշտած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը՝ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին Արտաքին հետախուզական ծառայութեան ստեղծման մասին օրէնսդրական փաթեթի քննարկման՝ անդրադառնալով ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանի հարցին:

Մինասեան յիշեցուցած է կառավարութեան ծրագրին մէջ ընդգծուած է՝ ՀՀ-ն պիտի շարունակէ ըլլալ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորը: Ան հետաքրքրուած է՝ որո՞նք են գործողութիւնները, որոնցով Արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը պէտք է ապահովէ կամ նպաստէ այդ եւ այլ նպատակներու իրականացման:

«Արտաքին հետախուզական ծառայութեան ստեղծման հիմնական նպատակներից մէկն այն է, որ այս ծառայութիւնը կարողանայ ՀՀ շուրջ ստեղծուած անվտանգութեան վերաբերեալ հայթայթել ինֆորմացիա (տեղեկութիւն), նոյնիսկ հայթայթի այնպիսի ինֆորմացիա, որը հրապարակային յայտնի չէ: Եւ դրանց հիման վրայ վերլուծութիւն կատարի՝ անվտանգութեան միջավայրի վերաբերեալ եւ տեղեկատւութիւն տրամադրի վարչապետին, որի հիման վրայ պէտք է որոշումներ կայացուեն: Այդ ինֆորմացիան վերաբերելու է նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան միջավայրին, որտեղ Արցախը եւս կարեւոր դերակատարութիւն ունի»,-ըսած է Գրիգորեան:

Պատգամաւորը հարցը յստակեցուցած է՝ ճիշդ ի՞նչ գործողութիւններով պէտք է, օրինակ, այսօր Լաչինի միջանցքի հարցը լուծեն:

«Լաչինի միջանցքի պատասխանատուն Ռուսաստանի Դաշնութիւնն է: Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնով Լաչինի միջանցքի պատասխանատւութիւնը յանձնուել է Ռուսաստանի Դաշնութեան: Եւ ես ուզում եմ ընդդիմութիւնից լսել հարցադրումներ նաեւ այս ուղղութեամբ, քանի որ Լաչինի միջանցքի հիմնական պատասխանատուն հանդիսանում է Ռուսաստանի Դաշնութիւնը»,-պատասխանած է Գրիգորեանը, եզրափակելով՝  «Իսկ ինչ վերաբերում է ստեղծուելիք ծառայութեանը՝ այն պէտք է ինֆորմացիա հայթայթի ու վերլուծութիւն տրամադրի: Հիմնական գործողութիւններն այդ ծառայութիւնը չի կատարելու, կատարումն այլ ծառայութիւնների վրայ է»: