«Նոր Արցախ» դաշինքի ընտրարշաւի շրջանակներուն մէջ հանդիպում գիւղական համայնքներու հետ. Առաջնահերթութիւնը գիւղատնտեսութիւնն է
Արցախ ժամանած ՌԱԿ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի, շարունակեց մասնակցութիւն բերել Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընտրական հաւաքներուն:
Նշենք, որ Շաբաթ՝ 14 Մարտի առաւօտ, «Նոր Արցախ» դաշինքի մաս կազմող կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ նախագահական թեկնածու տիար Մասիս Մայիլեանի, այցելեցին Արցախի չորս բնակավայրեր: ՌԱԿ պատուիրակութիւնը միանալով քարոզարշաւ իրականացնող խումբին, հերթաբար այցելեց Արցախի Չափար, Զագլիկ, Ակնաբերդ եւ Հաթերք գիւղական համայնքները:
Հանդիպումներու ընթացքին խօսակցութիւնները կեդրոնացան մասնաւորապէս Արցախի մէջ ապրող հայ գիւղացիներու ապրած դժուարութիւններու մասին: Գիւղացիները հերթաբար խօսք առնելով, ներկայացուցին իրենց դիմագրաւած խնդիրները: Այդ խնդիրները կը վերաբերէին յատկապէս հողամշակումի, անասնապահութեան, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններուն եւ գիւղերուն մէջ առկայ ընկերային, տնտեսական դժուարութիւններուն:
Գիւղաբնակչութեան խօսքին մէջ ընդգծուած կերպով կը նշուէր, որ այսօր Արցախի մէջ հայ գիւղացին հակառակ իր տարած մեծ ճիգերուն եւ աշխատասիրութեան, չի քաղեր իր արդար քրտինքին արդար վաստակը:
Հանդիպումներու ընթացքին Արցախի նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց եւ շետեց, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ Արցախի ժողովուրդը եւ յատկապէս Արցախի կառավարութիւնն ու պետական համակարգերը պարտաւոր են տէր կանգնիլ հայ գիւղացիի արդար վաստակին եւ ամէն գնով բարելաւել անոր կեանքը:
Խօսք առնողներու շարքին էր նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Բարդուղ Գալստեան, որ իր խօսքով նոյնպէս կարեւորեց գիւղական համայնքներու կազմակերպումը, գիւղացիներու խնդիրներու իրազեկումը, ինչպէս նաեւ առկայ խնդիրներուն առաջնային եւ մշտական լուծումներ գոյացնելու կարեւորութիւնը:
Օրուայ աւարտին բոլոր մասնակիցները մեծ գոհունակութեամբ աւարտեցին իրենց ընտրաքարոզչական օրը, շեշտելով, որ Արցախի մէջ հայ գիւղացին կը շարունակէ մնալ պետութեան համար ամենակարեւոր եւ ամենահիմնական կռուանը: