«Սմերչ»ով հարուած հասցուած է Ստեփանակերտին. Տուժածներ չկան

«Սմերչ» կայանքէն մէկ հարուած հասցուած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտին։ Տուժածներ չկան։ Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։
Քիչ առաջ ԱՀ ԱԻՊԾ-ն յայտնած էր, որ «Սմերչ» համազարկային կրակի համակարգով Շուշին կը հրետակոծուի: Խաղաղ բնակչութեան շրջանին կայ մէկ զոհ եւ երկու վիրաւոր։