«Սմերչ» համալիրներէ հրթիռակոծութեան կ'ենթարկուին Ստեփանակերտ, Շուշի եւ Մարտակերտ քաղաքները

2020-10-29
Image

Ներկայ պահուն թշնամական ուժերու կողմէ համազարկային կրակի «Սմերչ» համալիրներէ հրթիռակոծութեան կ'ենթարկուին Ստեփանակերտ, Շուշի եւ Մարտակերտ քաղաքները:

Հակառակորդը, հերթական անգամ խախտելով միջազգային մարդասիրական եւ սովորութային իրաւունքներու պահանջները, կրակի տակ առած է բացառապէս խաղաղ բնակավայրերը, որու հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան տուժածներ:

Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը կատարէ հերթական պատերազմական յանցագործութիւնը: Իրադրութեան հետագայ լարման համար ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի յանցագործ ղեկավարութիւնը: