«Ստեփանակերտի անկումը կրնար աղէտաբար ըլլալ» Փաշինեան

«Զրոյց քաղաքացիի հետ. իմ ամենամեծ մեղքը»,-այսպէս վերնագրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր հերթական ուղիղ եթերը, ուր անդրադարձած է ստորագրուած փաստաթուղթին.
«Ինծի վերագրուող ամենամեծ մեղքը այդ յայտնի փաստաթուղթն է: Կ'ըսուի, թէ ես համաձայնած եմ երեք տարածքներ՝ Աղտամ, Լաչին, Քելբաջար յանձնել Ատրպէյճանին: Իրականութեան մէջ շատ զարմանալի չթուայ, բայց այդ դրուագը ոչ թէ յանձնելու, այլ պահելու մասին է, որովհետեւ այդ փաստաթուղթը ստորագրուած է իրավիճակի մը մէջ, երբ ինկած է Շուշին, երբ ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապը ինծի կը զեկուցէր, որ միջոցները բաւականին խնդրայարոյց վիճակի մէջ են՝ մեղմ ըսած: Նաեւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը կը կիսէր այդ կարծիքը», –ըսած է Փաշինեանը:
ՀՀ վարչապետը անդրադարձած է այն հանգամանքին, թէ ինչ կ'ըլլար, եթէ այդ փաստաթուղթը չստորագրուէր.
«Իրականութեան մէջ այդ փաստաթուղթով տրուած է այն, ինչ, ըստ ռազմական ու ոչ ռազմական գնահատականի, մենք չէինք կրնար այդ իրավիճակի մէջ պահել: Իրավիճակի մը մէջ, երբ Ստեփանակերտը անպաշտպան մնացած էր, եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուէին, շատ մեծ հաւանականութիւն կար, որ կը գրաւուէր Ստեփանակերտը, Մարտունին, Ասկերանը, որմէ ետք մեր երկրորդ, երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ, վեցերորդ պաշտպանական շրջանները կը յայտնուէին շրջափակման մէջ, եւ մեր հազարաւոր զինուորներ կը յայտնուէին շրջափակման մէջ, եւ որպէս հետեւանք նաեւ տեղի կ'ունենար ամբողջական քոլափս (անկում): Ըստ էութեան, այս գնահատականի հիման վրայ կայացուած է այս որոշումը: Պատահական չթուայ, որ արդէն տասնեակ դէպքեր կան, երբ որ առաջին գիծին վրայ գտնուող զինուորները տեսաուղերձներ կը յղեն, իրենց դիմատետրեան էջերում կը տեղադրեն, որ իրենք կը պաշտպանեն կայացուած որոշումը: Սա ինչէ՞ն է, սա անկէ է, որ անոնք գետնի վրայ տեսած են եւ հասկցած են իրավիճակը, ինչքան ալ որ այդ իրավիճակը դառն ըլլայ», – աւելցուցած է Փաշինեանն ու նաեւ նշած, որ Ստեփանակերտը կը գտնուէր ուղիղ սպառնալիքի ներքոյ, ԶՈւ շտապի պետի, Արցախի նախագահի գնահատականն այն էր, որ Ստեփանակերտը սիմպոլիք պաշտպանուած էր: Եթէ յանկարծ Ստեփանակերտի անկում տեղի ունենար, այդ հազարաւոր զինուորներ շրջափակման մէջ կը ձգեր: Որպէս հետեւանք կը կորսնցնէինք նաեւ այն, ինչ այդ փաստաթուղթով մնացած է: