«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը հաւաքած է 53,9%, «Հայաստան» դաշինքը՝ 21%․ ԿԸՅ-ն ամփոփած է ընտրութիւններու արդիւնքները

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։ Հաշուարկուած են բոլոր 2008 ընտրատեղամասերու 1 281 174 քուէները։ Նախնական արդիւնքներով «Քաղացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն ստացած է 687 251 ձայն (53,92%)։ Նորընտիր խորհրդարանին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կ'ունենայ սահմանադրական մեծամասնութիւն եւ կը ձեւաւորէ կառավարութիւն։
Երկրորդ քաղաքական ուժը խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլայ «Հայաստան» դաշինքը, քաղաքական ուժը հաւաքած է 268 165 ձայն (21,04%)։ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը թէեւ չէ յաղթահարած դաշինքի համար նախատեսուած անցողիկ շեմը, սակայն ներկայացուած պիտի ըլլայ խորհրդարանին մէջ, քանի որ ըստ սահմանադրութեան՝ Ազգային ժողովը պէտք է կազմուած ըլլայ նուազագոյնը երեք քաղաքական ուժերէ։ «Պատիւ ունեմ»ը ստացած է 66 633 քուէ (5,23%) եւ որպէս երրորդ ամէնէն շատ ձայն հաւաքած քաղաքական ուժ, պիտի անցնի խորհրդարան։
Մնացած ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ․
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն – 50 416 ձայն (3,96%)
«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն – 38 713 (3,04%)
«Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւն – 19 647 (1,54%)
«Շիրինեան-Պապաճանեան ժողովրդավարների դաշինք» – 19 142 (1,5%)
«Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ» համահայկական կուսակցութիւն – 18 767 (1.47 %)
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն – 15 557 (1,22 %)
«5165 ազգային պահպանողական շարժում» կուսակցութիւն – 15 534 (1,22 %)
«Ազատական» կուսակցութիւն – 14 923 (1,17 %)
«Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւն – 13 115 (1,03 %)
«Մեր տունը Հայաստանն է» կուսակցութիւն – 12 162 (0,95 %)
«Հայաստանի դեմոկրատական» կուսակցութիւն – 5 017 (0,39 %)
«Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն – 4 623 (0,36 %)
«Ազատ հայրենիք» դաշինք – 4 136 (0,32 %)
«Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն – 3 912 (0,31%)
«Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն – 3 771 (0,3 %)
«Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութիւն – 3 558 (0,28 %)
«Հայաստանի եւրոպական» կուսակցութիւն – 2 786 (0,22 %)
«Ազատութիւն» կուսակցութիւն – 1 842 (0,14 %)
«Վերելք» կուսակցութիւն – 1245 (0,1 %)
«Միասնական հայրենիք» կուսակցութիւն – 956 (0,08 %)
«Համահայկական ազգային պետականութիւն» կուսակցութիւն – 803 (0,06 %)
«Ազգային օրակարգ» կուսակցութիւն – 721 (0,06 %)