«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան շտաբը պիտի ղեկավարէ Սուրէն Պապիկեանը

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական շտաբը պիտի ղեկավարէ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը։ Այս մասին «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՔՊ հանրային կապերու համակարգող, ԱԺ պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանը:
Վերջինս յայտնած է, որ ՔՊ նախընտրական շտաբը պիտի համակարգեն Սուրէն Պապիկեանը, Շրջակայ միջավայրի նախարար Ռոմանոս Պետրոսեանը, վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Արայիկ Յարութիւնեանը, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արսէն Թորոսեանը:
Սուրէն Պապիկեանը պիտի ըլլայ գլխաւոր համակարգողը:
Յիշեցնենք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կարգախօսն է ՝«Ապագայ կայ»: