«Քորոնա»ն չի նահանջեր. հաստատուած է 140 նոր դէպք, գրանցուած է՝ 1 մահ

2021-07-07
Image

7 Յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 225.801 դէպք, որմէ 217.303-ը՝ առողջացած, 4531-ը՝ մահուան ելքով:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2866 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 1.215.373 քննութիւն:

Այսպիսով՝ երէկ կատարուած է 6086 քննութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրային հիւանդութեան 140 նոր դէպք: Ունինք 53 առողջացած եւ 1 մահուան դէպք: