«Քորոնա» ժահրի վարակման 179 նոր դէպք Հայաստանի մէջ

2020-09-11
Image

Հայաստանի մէջ 11 սեպտեմբերի  ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ գրանցուած է նոր «Քորոնա» ժահրի վարակի 179 նոր պարագայ, վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 45505-ի: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան  հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Ընդհանուր հետազօտութիւններու թիւը կը կազմէ 231259, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին` 3450 նոր հետազօտութիւն:

Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 2880 հիւանդ, վերջին մէկ օրուայ մէջ նուազած է 28-ով:

Ըստ վերջին տուեալներուն՝ ապաքինուած է 41434 անձ` վերջին մէկ օրուայ մէջ 201 անձ:

Մէկ օրուայ ընթացքին  «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 3 քաղաքացի, մահացողներու թիւը 909 է:

Նախորդ օր արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրին վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 280 է: