«100 տուն Արցախի մէջ» նախագծին ներգրաւուած է նաեւ սփիւռքը
«100 տուն Արցախի մէջ» նախագծին ներգրաւուած է նաեւ սփիւռքը։ Նախագիծը կ'իրականացնեն Հանրային հեռատեսիլի ընկերութիւնն ու «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամը։ Նպատակն է՝ տուներ տրամադրել ընկերային անապահով, բազմազաւակ եւ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն։
«Այս պահու դրութեամբ արդէն ունինք շահառուներ, որոնք կ'արձանագրուին Արցախի ընկերային ապահովութեան նախարարութեան մէջ եւ արդէն մի քանի ընտանիք այցելած է, տեսած է շինարարական ընթացքը։ Անոնք մեծ ցանկութեամբ եւ հաւատով կը սպասեն, թէ երբ պիտի ստանան տուները», - ըսաւ Սամուէլ Մովսիսեանը։
Տուները պիտի կառուցուին Ստեփանակերտէն 16 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ասկերանի Դահրաւ գիւղի հարեւանութեամբ:
Նուիրատուութիւն կարելի է կատարել եւ՛ SMS հաղորդագրութիւններու միջոցաւ, եւ՛ apreluartsakh.am կայքին վրայ։ Այն նուիրատուները, որոնք մէկ ամբողջական տուն պիտի նուիրեն արցախցիներուն, կրնան հիւրընկալուիլ Դահրաւ, հետեւիլ գիւղին մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն։
«Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ըլլան տարբեր ծրագիրներ, ներառեալ՝ հեռատեսիլային եւ ոչ հեռատեսիլային, որոնք սփիւռքի տարբեր օճախներուն մէջ տեղեկատուական հանդիպումներ պիտի կազմակերպուին մեր հայրենակիցներուն հետ՝ հանգանակութիւններ կատարելու նպատակաւ», - ըսաւ Աննա Օհանեանը։
Մօտ 10 տան կառուցման համար արդէն գումար հաւաքուած է։ Նախագիծը աւարտը կը ծրագրուի յաջորդ տարի։
«Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն խնդրանք մը, կոչ, որպէսզի բոլոր զգացողութիւնները դնեն մէկ կողմ, անգամ փոքրիկ գումարներով մասնակցելով ծրագրին՝ միասնաբար փորձենք կեանքի կոչենք այն», - ըսաւ նախագծի համահիմնադիրը։
Նախագծի կազմակերպիչներուն խօսքով՝ հիմա է պահը Արցախը վերականգնելու եւ արցախցիներուն կողքին ըլլալու։ Այս նախագծի աւարտէն ետք ալ պէտք է կեդրոնանան կրթական եւ տնտեսական նախագծերու վրայ։