ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ

Սեպտեմբեր 22-ին ՄԱԿ Գլխաւոր ասամպլէայի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Նիւ Եորք գտնուող ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ։
Կողմերը քննարկած են հայ-ֆրանսական առաձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն, տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնմանն ու խորացման վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն։ Նախարար Միրզոյեանն առանձնայատուկ կարեւորած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ հայրենադարձումը։
Երկուստեք կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէն ներս ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։