ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան աշխատանքային այցով կը մեկնի ԱՄՆ

2020-10-22
Image

22 Հոկտեմբերին ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ-էն, այցի ընթացքին նախատեսուած են նախարարի հանդիպումները ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի, ԱՄՆ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: