Ազգային ժողովը երեք նոր պատգամաւոր ունի

2020-12-28
Image

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ներկայացուցած է ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած եւ լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրած պատգամաւորներ Արգիշտի Մեխակեանի, Արամ Խաչատրեանի եւ Երջանիկ Յակոբեանի մանտաթները յաջորդ թեկնածուներուն տրամադրելու մասին արձանագրութիւնները, ԱԺ արտահերթ նիստի ժամանակ յայտարարած է խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։   

Ըստ այդմ, մանտաթները կը տրուին «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածուներ Կարէն Գրիգորեանին, Վանիկ Օհանեանին եւ Յակոբ Ասլանեանին։

Պատգամաւորները երդում տուած են։