Ազգային ժողովը հիւրընկալեց սփիւռքահայ երիտասարդներ

2021-09-29
Image

Սեպտեմբեր 28-ին, ՀՀ ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեանը հիւրընկալեց «Սփիւռքի  երիտասարդ  դեսպան»  ծրագրի շրջանակէն ներս ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստանի մէջ գտնուող խումբ մը սփիւռքահայ երիտասարդները:

Ողջունելով հիւրերը՝ Սիսակ Գաբրիէլեանը խօսեցաւ Հայաստան-Սփիւռք կապի եւ աշխուժ համագործակցութեան կարեւորութեան մասին:

Հարց ու պատասխանի ձեւաչափով զրոյցին ընթացքին պատգամաւորը անդրադարձաւ հայրենադարձութեան վերաբերող օրէնքի անհրաժեշտութեան: Պատգամաւորին խօսքով՝ նախագիծը յաջորդ տարին իսկ պիտի դրուի շրջանառութեան մէջ:

Երիտասարդները առաջարկեցին ներգաղթը դարձնել մասնագիտական՝ ըստ անհրաժեշտ ոլորտներու: Անդրադարձ կատարուեցաւ Սփիւռքի դպրոցներէն ներս հայոց լեզուի դասաւանդման անհրաժեշտութեան: Նշուեցաւ, որ այնտեղ ունին մասնագէտներու կարիք: Առաջարկուեցաւ ուսուցիչներու թափուր աշխատատեղերուն հարցը լուծել պետական մակարդակով:

Սփիւռքահայերը բարձրացուցին ՀՀ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցիչ ունենալու հարցը` կարեւորելով նաեւ իրենց մասնակցութիւնը ընտրական գործընթացներուն:

ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովին նախագահը խոստացաւ բարձրացուած հարցերուն անդրադառնալ վերոնշեալ օրէնքի նախագծի քննարկման շրջանակներէն ներս եւ լուծումներ տալ անոնց: