Ազգային Ժողովը յարգեց 27 Հոկտեմբերի զոհերու յիշատակը

Ազգային ժողովի պատգամաւորները այսօր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին «Հոկտեմբերի 27»–ի զոհերուն յիշատակը։
«Ուղիղ 22 տարի առաջ այս դահլիճում կառավարութեան հարցուպատասխանի ժամանակ տեղի ունեցաւ «Հոկտեմբերի 27»–ի ոճրագործութիւնը», յայտարարած է ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Այսօր ՀՀ Ազգային ժողովի այգիին մէջ՝ 1999 թ. Հոկտեմբերի 27-ի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի մօտ, տեղի պիտի ունենայ յիշատակի արարողութիւն: