ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Թուրքիոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ
Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 3 մայիսին պիտի մեկնի Թուրքիա։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է Ազգային Ժողովի նախագահի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեանը։
Խաչատրեանը նշած է, որ Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն Անգարայի մէջ պիտի մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրման 30-ամեակին նուիրուած անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին եւ Գլխաւոր վեհաժողովի լիագումար նիստի աշխատանքներուն:
«Ալեն Սիմոնեանը ելոյթ է ունենալու խորհրդարանների ղեկավարների գագաթնաժողովի ժամանակ»,- ըսած է Խաչատրեանը։
Հարցը՝ Ալեն Սիմոնեանը կառավարական ինքնաթիռո՞վ պիտի մեկնի Թուրքիա, թէ՝ ոչ, Խաչատրեանը չէ մեկնաբանած: