ԱԺ-ն ընդունած է կաշառակերութեան դէմ դատարան ստեղծելու մասին օրինագիծը

2021-04-14
Image

Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ, 80 «կողմ», 33 «դէմ» եւ 1 «ձեռնպահ» ձայներով ընդունած է կաշառակերութեան դէմ դատարան ստեղծելու մասին կառավարութեան ներկայացուցած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը:

Կաշառակերութեան դէմ դատարանը պիտի ունենայ 15 դատաւոր, որոնցմէ 10-ը պէտք է ըլլան կաշառակերութեան յանցագործութիւններու քննութեան գործերով մասնագիտացմամբ, իսկ 5-ը՝ կաշառակերութեան դէմ քաղաքացիական գործերով մասնագիտացմամբ դատաւորներ:

Կաշառակերութեան դէմ դատարանը պիտի քննէ պետութեան գոյքային եւ ոչ գոյքային շահերուն հետ կապուած հայցերը, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասով ներկայացուած հայցերը: