ԱԺ-ն ընդունեց երկրին մէջ ռազմական դրութիւնը վերացնելու մասին ընդդիմութեան նախագիծը

ՀՀ ազգային ժողովն ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմական դրութիւնը վերացնելու մասին ԱԺ որոշման նախագիծը, որ նախաձեռնած էին ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները: Որոշման նախագիծը ԱԺ 24 մարտի նիստին քուէարկութեամբ ստացաւ 118 «կողմ», 1 «դէմ», 1 «ձեռնպահ» ձայներ:
Թէեւ ընդդիմութեան այս նախաձեռնութիւնն ԱԺ գլխադասային յանձնաժողովին մօտ ստացած էր բացասական եզրակացութիւն, սակայն ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը լիագումար նիստին առաջարկած էր կողմ քուէարկել նախագիծին՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ կան քաղաքական պայմանաւորուածութիւններ, պիտի կայանան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որ առնուազն հանգուցալուծման ու քաղաքական կայունութեան վերականգնման ճանապարհ է, եւ կառավարութիւնը, այսպէս, թէ այնպէս, մօտ օրերս պէտք է հանդէս գար ռազմական դրութիւնը վերացնելու նախաձեռնութեամբ:
Քուէարկութենէն առաջ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը յայտնած է, որ խմբակցութիւնը կողմ պիտի քուէարկէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարուած էր 27 սեպտեմբերէն` Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմով պայմանաւորուած:
Ըստ ԱԺ կանոնակարգ ՀՀ օրէնքի՝ Ազգային ժողովի նախագահը ռազմական դրութեան չեղեալ յայտարարելու մասին Ազգային ժողովի որոշումը կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ անյապաղ, եթէ այդ որոշմամբ այլ ժամկէտ սահմանուած չէ: