ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամներն այցելած են 2-րդ բանակային կորպուս

21 Սեպտեմբեր 2022-ին ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան յանձնաժողովի անդամ` ՀՀ ԱԺ պտգամաւոր Գուրգէն Մելքոնեանի եւ յանձաժողովի անձնակազմի հետ այցելած է ՀՀ ԶՈւ 2-րդ բանակային կորպուս:
Այցի ընթացքին կորպուսի հրամանատարի հետ քննարկուած են պաշտպանական եւ աշխարհազօրին վերաբերող հարցեր:
Այնուհետ հանդիպած են կորպուսի բրիգադի հրամանատարին եւ քննարկած ռմբակոծուած զօրամասը վերականգնելու վերաբերեալ խնդիրները, ինչպէս նաեւ սպառազինութեանն ու ապահովման վերաբերող շարք մը այլ խնդիրներ:
Այցելած են նաեւ առաջնագծի յենակէտեր, պաշտպանութիւն իրականացնող անձնակազմի հետ քննարկած են դիրքերու վրայ անձնակազմի ծառայութեան վերաբերող հարցեր, զինուորներու եւ սպաներու հետ միասին նշած են անկախութեան տօնը, ամփոփած են կատարուած աշխատանքը:
Օրուայ աւարտին կորպուսի հրամանատար Գրիգորեանի եւ կորպուսի հրամանատարական կազմի հետ միասին քննարկուած են մարտական ծառայութեան վերաբերող ծրագրային հարցեր: