ԱԻՆ-ը ամփոփած է «Սուրմալու»-ի մէջ իրականացուցած աշխատանքները

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը ամփոփած է «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ իրականացուցած աշխատանքները:
Օգոստոս 14-էն 24-ն ինկած ժամանակահատուածին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ հրդեհաշիջման եւ որոնողափրկարարական աշխատանքներուն հերթափոխերով մասնակցած են Փրկարարական ծառայութեան տարածքային եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներէն 1388 փրկարարական ծառայող։
Հրդեհաշիջման եւ որոնողափրկարարական աշխատանքներուն հերթափոխերով ներգրաւուած է 54 ջրամբար մեքենայ, 15 սանդուղք մեքենայ, 28 փրկարարական եւ 30 օժանդակ մեքենայ, ինչպէս նաեւ 2 ԱԹՍ։
Երեւան քաղաքի հիւանդանոցներ դիմած է 63 քաղաքացի, որոնցմէ 2-ը դեռ կը շարունակէ բուժում ստանալ, իսկ մնացածը ստանալով համապատասխան բուժօգնութիւն, դուրս գրուած են:
Հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հոգեբանները 69 քաղաքացիի ցուցաբերած են հոգեբանական աջակցութիւն։
Արձագանգման գործընթացներուն մասնակցած են նաեւ Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի խումբը, Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան կամաւորական խումբերը, Ողջ մնալու արուեստ (ՈՄԱ) ռազմահայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան մասնագիտացուած խումբերը, Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքացիներ՝ իրենց վարժեցուցած շուներով, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպութիւններ եւ անհատ կամաւորներ։
Հրդեհաշիջման եւ որոնողափրկարարական աշխատանքներուն ներգրաւուած են նաեւ քաղաքապետարանէն եւ մասնաւոր ընկերութիւններէն տրամադրուած ջրատար, բեռնատար, աղբատար տեխնիկա, ինչպէս նաեւ թրաքթորներ, վերամբարձ կռունկներ եւ այլ տեխնիկա։ Դէպքի վայրին մէջ հերթապահած են նաեւ շտապօգնութեան խումբեր:
Հրդեհը մեկուսացուած է 16 օգոստոսին՝ ժամը 14։38-ին, մարած՝ 17։49-ին։ Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու իրականացման տարածքը նախնական տուեալներով կազմած է մօտ 1 հեքթար։
Հրդեհէն եւ պայթումէն ետք փրկարար ծառայողները փլատակներէն դուրս բերած են 26 քաղաքացի, որոնցմէ՝ 10 ողջ, 16 մահացած։