ԱՀ նախագահը Արցախի ԱԺ խմբակցութիւններուն հետ քննարկած է ստեղծուած իրավիճակը

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր դիմատետրի էջին գրած է, որ քիչ առաջ հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու հետ:
«Քննարկած ենք ստեղծուած իրավիճակը եւ անկէ բխող հնարաւոր քաղաքական որոշումներու կայացման հետ կապուած հարցեր: Այս պայմաններուն մէջ խիստ կարեւոր է պետական բոլոր մարմիններու միասնական ու ներդաշնակ աշխատանքը՝ յանուն Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին»,- գրած է ան: