ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ

2021-08-21
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 21 Օգոստոսին հանդիպում ունեցած է ՀՀ ԱԳ նորանշանակ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

Նախագահ Յարութիւնեանը յաջողութիւն մաղթած է Արարատ Միրզոյեանին արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներու յաղթահարման կարեւոր գործին մէջ՝ ընդգծելով ժամանակագրական առումով անոնց կենսական նշանակութիւնը: Այս մասին յայտնած են ԱՀ նախագահի աշխատակազմէն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ առկայ մարդասիրական ու ընկերային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն՝ կարեւորելով Հայաստանի եւ Արցախի պետական գերատեսչութիւններու միջեւ մշտական կապի եւ համագործակցութեան ամրապնդումը։

Արայիկ Յարութիւնեանն ու Արարատ Միրզոյեանը շեշտած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներու մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։ Առանձնայատուկ ընդգծուած է իր պատմական հայրենիքին մէջ Արցախի ժողովուրդի ապրելու եւ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հայաստանի սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին ատրպէյճանական ԶՈՒ կողմէ իրանակացուող սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։