Ամբողջ գիշերը ուժգին կրակի տակ եղած են Շուշին եւ Ստեփանակերտը. Կայ 3 զոհ

2020-11-06
Image

Նոյեմբեր 5-ին լոյս 6-ի գիշերը խաղաղ բնակավայրերուն մէջ անհանգիստ եղած է։ Կան տուժածներ։ Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ ԱԻՊԾ-ն։

Ատրպէյճանաթրքական ուժերը ամբողջ գիշեր ուժգին կրակի տակ պահած են Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքները։
Հրթիռակոծութեան հետեւանքով Շուշիի մէջ հրդեհուած են քանի մը բնակելի տուներ, իսկ մայրաքաղաքին մէջ կան աւերածութիւններ։ Դէպքերու վայրերին մէջ կ'աշխատին ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարարական ջոկատները։

Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին, նախնական տուեալներով, կայ 3 զոհ։
Միւս տուեալները կը ճշդուին։
Դէպքի վայրէն լուսանկարները` քիչ ետք։