Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը

2021-07-01
Image

Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը: Ծերակոյտը միաձայն ընդունեց Ջոզէֆ Լականայի ներկայացուցած բանաձեւը՝ այսպիսով դառնալով Արցախի անկախութիւնը ճանչցող 10-րդ նահանգը:

Ի լրումն Արցախի ճանաչման, բանաձեւը կը դատապարտէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակման համար, եւ կը հաստատէ Նիւ Ճըրզի նահանգի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

«Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի, եւ այդ նպատակի իրագործման համար շարունակելու ենք մեր յամառ պայքարը»,- գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։