Ամէն ինչ պիտի ընենք, որ այս դժուար փորձութիւնը դառնայ ապագայի կարեւոր անկիւնաքար. Փաշինեան

2020-11-12
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ժողովուրդին ուղղուած տեսաուղերձի ժամանակ անդրադարձած է նաեւ այն հարցին, թէ ինչ պիտի ըլլայ Հայաստանի ապագայի հետ:

«Սիրելի՛ ժողովուրդ, մեր երկիրն ունի ապագայ, եւ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ մեր այս դժուար փորձութիւնը դառնայ այդ ապագայի կարեւոր անկիւնաքար, եւ մենք պէտք է ազգովի դասեր քաղենք մեր գործած սխալներէն։

Շատերը կը հարցնեն՝ արդեօք այս դաժան պատերազմէն ետք կարելի է խօսիլ լաւ ապագայի մասին, այո՛, որովհետեւ այսօր աշխարհի մէջ կան նոյնիսկ այնպիսի պետութիւններ, որոնք 20-րդ դարու ամենադաժան քափիթուլացիաներուն (անձնատուութիւնը-Խմբ.) ենթարկուած են, բայց այսօր կը դասուին աշխարհի ամենահզօր երկիրներու շարքին:

Անոնք այդ ըրած են դաժան պարտութենէն ետք կրթութեան, գիտութեան, արդիւնաբերութեան ու ժողովրդավարութեան զարգացման վրայ շեշտ դնելով, եւ սա պէտք է ըլլայ մեր առաջիկայ ընելիքը։ Բոլորիս կոչ կ'ընեմ կեդրոնանալու այս ընելիքի վրայ՝ յանուն մեր երկիրը հզօրացնելու։ Ճիշդ այս կ'ըլլայ մեր լաւագոյն ծառայութիւնը մեր նահատակներու յիշատակին, մեր վիրաւոր եւ հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներուն, անոնց հարազատներուն»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Վարչապետը նաեւ հանրութեան կոչ ըրած է չտրուելու սադրանքներու եւ համախմբուելու կառավարութեան շուրջ:

«Կառավարութիւնը վճռական է երկիրը այս իրավիճակէն դուրս բերելու իր պատասխանատւութիւնը անմնացորդ կրելու գործին մէջ՝ միեւնոյն ժամանակ երաշխաւորելով, որ ժողովուրդին պատկանող իշխանութիւնը որեւէ մէկը պիտի չխլէ՝ երկիրը թալանի, փտածութեան յորձանուտ վերադարձնելու իր նպատակները իրագործեկու համար»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը: