ԱՄՆ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին աններելի է եւ բարոյապէս անընդունելի. Մենենտեզ

2022-11-18
Image

Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըր պնդած է, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Արցախի դէմ յարձակման ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորային ռումբերու կիրառման մասին հաղորդումներ չէ տեսած։

Այդ մասին ան յայտարարած է՝ պատասխանելով ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսի համապատասխան հարցին։

Սենատորը հետաքրքրուած է, թէ տեղեկատւութիւն ունի՞ արդեօք Ռիքըր Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող զինամթերքի օգտագործման մասին, որ լայնօրէն լուսաբանուած է։ Ռիքըր յայտարարած է, որ նման հաղորդագրութիւններ չէ տեսած։ «Սպիտակ ֆոսֆորի մասին շատ հաղորդած են: Ցաւօք, (այդ զինամթերքը) մատակարարուած է Ուքրանիոյ կողմէ»,- ըսած է Մենենտես:

Հարցին, թէ արդեօ՞ք վարչակազմը քայլեր կը ձեռնարկէ ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հայ զինծառայողներու դաժան սպանութեան եւ խոշտանգումներու տեսագրութիւնը գնահատելու համար, Ռիքըր խուսափողական պատասխանած է, որ պէտք է «ստուգէ»։

«Դուք ուրիշ կողմ կը նայիք. ինչ շահեր ալ մենք ունենանք Ատրպէյճանի հետ, ես հիասթափուած եմ Պետական բաժանմունքէն, որ երկու կողմերուն ալ զսպուածութեան կոչ ըրած է։ Երբ կայ նախայարձակ, մենք պէտք է քննադատենք նախայարձակը։ Եւ պէտք չէ շատ խելացի ըլլալ հասկանալու համար, թէ ով է նախայարձակը, որ հնարաւորութիւն ունի ըլլալու նախայարձակ այս հակամարտութեան մէջ... Այդ Ատրպէյճանն է», - յայտարարած է Մենենտեզը։