ԱՄՆ դեսպանը այցելած է Գեղարքունիքի մարզ

26 Յուլիսին ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելած է Գեղարքունիքի մարզ։
Զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար-մայոր Արայիկ Յարութիւնեանը դեսպանին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, որմէ ետք կազմակերպուած է այց Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ:
Դեսպան Թրէյսին վերահաստատած է ԱՄՆ-ի մտահոգութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով միջադէպերու վերաբերեալ եւ ընդգծած, որ ԱՄՆ-ն կը մերժէ ուժի կիրառումը սահմանազատում իրականացնելու պարագային:
Դեսպանը նաեւ ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, խորապէս հաւատարիմ կը մնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով բոլոր կողմերու հետ աշխատելու գործընթացին։ Միաժամանակ, ըստ Լին Թրէյսիի, ԱՄՆ-ն կողմերէն կը պահանջէ հնարաւորինս արագ վերադառնալ Մինսքի խումբի համանախագահներու մակարդակով ընթացող բանակցութիւններուն։