ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը հրաժարական պիտի տայ

2023-03-08
Image

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս այս ամիս հրաժարական պիտի տայ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն։

 

«Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհի մարդոց համար Նետ Փրայս յաճախ եղած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան դէմքն ու ձայնը։ Ան ցուցաբերած է բացառիկ արհեստավարժութիւն եւ ազնուութիւն։ Վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Նետին իր հիանալի ծառայութեան համար»,- ըսուած է Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Փրայս, որ 2021-ի յունուարէն զբաղցուցած է Պետական քարտուղարութեան գլխաւոր մամուլի քարտուղարի պաշտօնը, պիտի շարունակէ աշխատիլ Պլինքընի գրասենեակէն ներս: