ԱՄՆ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բոլոր գերիներու վերադարձը ապահովելու համար․ Պլինքենը՝ Փաշինեանին

2021-07-14
Image

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ:

Ամերիկեան կողմը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի առթիւ` ընդգծելով ՀՀ կառավարութեան կողմէ վերջին տարիներուն ձեռնարկած հետեւողական քայլերը՝ Հայաստանի ժողովրդավարական ձեռքբերումներու ապահովման գործին: Այս ծիրէն ներս, ԱՄՆ պետական քարտուղարը բարձր գնահատած է Նիկոլ Փաշինեանի գործադրած ջանքերը՝ երկրին մէջ նախընտրական շրջանին ստեղծուած լարուածութիւնը խաղաղ ճանապարհով յանգուցալուծելու եւ ընդդիմութեան հետ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ կառուցելու ուղղութեամբ:

Էնթոնի Պլինքընը շեշտած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու օրակարգի կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս, փտածութեան դէմ պայքարի ու արդարադատութեան ոլորտի մէջ եւ աւելցուցած, որ ԱՄՆ պատրաստակամ է շարունակել օժանդակութիւնը այս ուղղութեամբ:

Միաժամանակ ան նշած է, որ երկու երկիրներու միջեւ գործընկերութիւնը խարսխուած է ժողովրդավարական արժէքներու վրայ:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանի ձեռբերումները գնահատելու համար: Ան բարձր գնահատած է ԱՄՆ շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան գործունէութեան մեկնարկի ուղղութեամբ: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ Պարեկային ծառայութիւնը հետագայիմ պիտի ընդլայնուի ողջ երկրին մէջ եւ յոյս յայտնած է, որ ամերիկեան օժանդակութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ամբողջացնելու այդ գործընթացը: Վարչապետի պաշտօնակատարը բարձր գնահատած է Պետական քարտուղարի տեղակալ Ֆիլ Ռիքըրի՝ մէկ ամիս առաջ Ատրպէյճանէն հայ գերիներու վերադարձի գործին մէջ ներդրած ջանքերը: Որպէս տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման առանցքային նշանակութեան խնդիրներ՝ կարեւորուած են գերիներու վերադարձի եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու դուրս բերման հարցերը:

Պետական քարտուղարը հաւաստիացուցած է, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բոլոր գերիներու վերադարձը ապահովելու համար: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան թեմային, պետական քարտուղարը յոյժ կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան վերականգնումը՝ ընդգծելով խաղաղ գործընթացի յստակ օրակարգի մշակման անհրաժեշտութիւնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ գտնելու հակամարտութեան կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում:

Այս շրջագիծէն ներս Նիկոլ Փաշինեանը եւս շեշտած է, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ եւ կը պահանջէ համապարփակ լուծում, որուն հնարաւոր է հասնիլ բացառապէս Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջածիրէն ներս:

Ամերիկեան կողմը նշած է, որ համաձայն է վարչապետի պաշտօնակատարի այն դիտարկման, որ «սթաթուս քո»ն չի կրնար կայուն ըլլալ եւ ՄԽ համանախագահութեան համար անհրաժեշտ է յստակ օրակարգ, որ կը նպաստէ բանակցութիւններու յաջողութեան: