Այդ վայրը այսուհետ ատրպէյճանցիները կրնան անուանել Դժոխքի ձոր. Սուրէն Սարումեան

Երէկ երեկոյեան հակառակորդը փորձած է կատարել յարձակման փորձեր ռազմաճակատի ամբողջ երկարութեամբ, այդ փորձերը յատկապէս ուժգին եղած են Մարտունիի եւ Շուշիի ուղղութիւններով։ Մարտունիի ուղղութեամբ ՊԲ ստորաբաժանումները կատարած են մարտավարական խուսավարումներ՝ առաջնագիծը մարտ վարելու համար աւելի յարմար դարձնելու նպատակով։ Այդ մարտավարութեան մէկ մասն է։ Այս մասին ըսած է ԱՀ ՊՆ մամուլի պատասխանատու Սուրէն Սարումեանը։
«Երկրորդ ուղղութեամբ ՊԲ-ն յաջողած է գուշակել հակառակորդի հաւանական գործողութիւնները եւ անոնց առաջ եկող շարասիւներն ու կենդանի ուժը ոչնչացնել մէկ վայրկեանուան մէջ։
Այդ վայրը այսուհետ ատրպէյճանցիները կրնան անուանել Դժոխքի ձոր, որովհետեւ այդ վայրին մէջ ունեցած են մեծաթիւ կորուստներ, եւ լիովին ձախողած է անոնց մտայղացումը։
Ներկայիս ՊԲ ստորաբաժանումները վստահօրէն կը զբաղցնեն իրենց բնագիծերը, կը վերահսկեն մարտավարական իրադրութիւնը եւ պատրաստ են կասեցնելու հակառակորդի բոլոր ոտնձգութիւնները»,- ըսած է Սարումեանը: