Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ՚իրականացնեն պարեկային ոստիկանները (Լուսանկարներ)

Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ'իրականացնեն պարեկային ոստիկանները։ Իւրաքանչիւր հերթափոխի պիտի ըլլայ 41 մեքենայ:
Պարեկային ծառայութիւնը պիտի փոխարինէ ՊՊԾ ու ճանապարհային ոստիկաններուն։ Սկզբնական շրջանին պարեկային ոստիկանները ծառայութիւն պիտի իրականացնեն միայն Երեւանի մէջ: Շաբաթներ անց ոստիկանական ակադեմիայի մէջ պիտի սկսի Լոռիի եւ Շիրակի մարզերու համար պարեկային ոստիկաններու ընդունելութիւնը։
Այս երկու մարզերը արդէն եկող տարուան գարնան պիտի ունենան պարեկային ոստիկաններ։ Արդէն երրորդ փուլին պիտի ըլլայ միւս մարզերու համար ընդունելութիւն։ Ամբողջ հանրապետութեան մէջ պարեկային ծառայութեան անցումը նախատեսուած է 2022 թուականի վերջը։
ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը կը ներկայացնէ աշխատանքի մեկնարկը լուսանկարներով: