Այսօր Աւագ ուրբաթ է. օր մահուամբ մահուան հանդէպ յաղթանակի

2022-04-15
Image

Այսօր աւագ ուրբաթ է. Հայ առաքելական եկեղեցւոյ արարողութիւնները կը յիշեցնեն մեղքերու մէջ կորսուած աշխարհի համար Աստուածորդու ինքնակամ մահուան մասին:

Աւագ Ուրբաթը կը խորհրդանշէ արարչութեան վեցերորդ օրը, երբ Աստուած հողէն արարեց Ադամն Իր պատկերով ու նմանութեամբ, իսկ յետոյ անոր կողէն ստեղծեց Եւան ու զանոնք դրաւ Դրախտին մէջ: Ուրբաթ օր Ադամն ու Եւան կերան արգիլուած պտուղը, մերկացան փառքէն, ու Տէրն անէծքով պատժելով մարդը՝ արտաքսեց Դրախտէն:

Վեցերորդ ժամանակաշրջանին Աստուած Ս. Կոյսին անարատ արգանդին մէջ դարձաւ կատարեալ Մարդ՝ հոգիով, մտքով ու մարմնով, որպէսզի կատարէ տնօրինական գործերը: Աւագ Ուրբաթ օր Տ’էրը Յուդային մատնութեամբ ձերբակալուեցաւ, ծեծի ու ծաղրի ենթարկուեցաւ ու ապա, Իր վրայ վերցնելով Ադամին անէծքն ու դատապարտութիւնը, խաչին վրայ մեռնելով, բացաւ Իր կողը, եւ կողէն բխած ջուրով լուաց մարդուն մեղքերը, իսկ բխած ար’եամբ մեզ գնեց չարի ծառայութենէն (Մատթ. ԻԶ 47-ԻԷ 56): Եւ ինչպէս Ադամին կողէն ստեղծուեցաւ անոր կինը՝ Եւան, այդպէս ալ Տիրոջ կողէն եղաւ անոր հարսը՝ Եկեղեցին: Այսօր թէպէտ ուրախութիւն է հոգիներուն համար, քանի որ Քրիստոսի չարչարանքներով մեր հոգիներն ազատեցին դժոխքէն, սակայն մարմնապէս սուգ է ու տրտմութիւն:

Աւագ Ուրբաթը Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակութեան օրն է: Այդ օրը տեղի կ’ունենայ Խաչելութեան կարգ: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք նախատօնակի արարողութեան ընթացքին կը կատարուի Թաղման կարգ, երբ Յիսուս Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը՝ պատրաստուած ծաղիկներէ ու ծառի ճիւղերէ, կը պտտցնեն եկեղեցւոյ շուրջ՝ ի տես հաւատաւոր ժողովուրդին, քանի որ Քրիստոսը մահուամբ յաղթեր է մահուան: Չարչարանքներով աներկբայ ընթանալով մինչեւ անարգալից մահ խաչի վրայ՝ ան յաւերժական կեանքի հնարաւորութիւն տուած է մարդկութեան, հոգեւոր մահէն փրկութիւն՝ ողջ աշխարհին: