Այսօր զոհուած Դաւիթ Քոչարեանը 44–օրեայ պատերազմի մասնակից էր. ան Տաւուշի մարզէն էր

2021-07-28
Image

Այս գիշեր ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած զինծառայողներէն մէկը՝ Դաւիթ Գառնիկի Քոչարեանը, Տաւուշի մարզի  Չինչին գիւղէն էր, ծնած էր 2001 թուականին։

Դաւիթ Քոչարեանը մէկ տարուայ զինծառայող էր, 44–օրեայ պատերազմի մասնակից։ Ընտանիքի կրտսեր երեխան էր, իրմէ մեծ մէկ քոյր ունի։

Յիշեցնենք, որ 28 Յուլիսին, ժամը 03:40-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները հերթական անգամ դիմած են սադրանքի եւ խախտած հրադադարը հայ-ատրպէյճանական սահմանը հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ: Ըստ ՊՆ–ի հաղորդագրութեան՝ ընթացած են տեղային մարտեր: Ժամը 08։30-ի դրութեամբ, հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ 4 վիրաւոր։

Ըստ ՊՆ-ի՝ ժամը 9։20-ի դրութեամբ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, տալով կորուստներ, ետ շպրտուած են իրենց ելման դիրքեր։ Փոխհրաձգութիւնը շարունակուած է:

Աւելի ուշ, ՊՆ–էն յայտնած են, որ ՌԴ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք է բերուած է պայմանաւորուածութիւն հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ հրադադարի ռեժիմը վերականգնելու վերաբերեալ։ Այս պահուն, նշուած պայմանաւորուածութիւնը հիմնական կը կատարուի։