Այսօր հիւսիսային շրջանին մէջ թշնամին յարձակումը սկսած է աւելի վաղ, դաշտին մէջ թողելով տասնեակ դիակներ. Արծրուն Յովհաննիսեան

Այսօր հիւսիսային շրջանին մէջ թշնամին յարձակումը սկսած է աւելի վաղ, դաշտին մէջ թողելով տասնեակ դիակներ՝ ետ շպրտուած է։ Այս մասին իր դիմատետրի էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։
Աւելի վաղ ՊԲ-ն յայտնած էր, որ ամբողջ գիշերուայ ընթացքին ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ շարունակուած են հակառակորդի խմբաւորումներու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ լրահետախուզման եւ կրակային խոցման գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ ոչնչացուած է մեծ քանակութեամբ թշնամական զինամթերք եւ մարդկային ուժ:
Կէսգիշերէն ետք հակառակորդի ուժերը փորձած են նոր յարձակում ձեռնարկել հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ, որ կասեցուած է բանակային ստորաբաժանումներու կողմէ: Թշնամական ուժերը յաջողութեան հասնելու փորձեր ձեռնարկած են նաեւ ճակատային գիծի հիւսիսային հատուածին մէջ, որ նոյնպէս կասեցուած է: Այստեղ եւս թշնամական ուժերը կրած են լուրջ կորուստներ:
Հակառակորդը շարունակած է թիրախաւորել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:
Ներկայ դրութեամբ թշնամական խմբաւորումներու յայտնաբերման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին: