Այսօր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը փակ քննարկում պիտի կայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ

2020-10-19
Image

Այսօր ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը` ի պատասխան Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի դիմումի, փակ քննարկում պիտի կայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ։

Այս մասին դիմատետրի իր էջին կը յայտնէ Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Էտմոն Մարուքեանը:

Ան նշաղ է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը՝ Թուրքիոյ զինուած ուժերու, վարձկաններու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ յանցաւոր համագործակցութեամբ, արդէն 20 օրէ աւելի է օդուժի եւ հարուածային ԱԹՍ-ներու կիրառմամբ կը թիրախաւորեն Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) քաղաքացիական բնակչութիւնը, քաղաքացիական կառոյցները, կ'օգտագործեն միջազգային իրաւունքով արգիլուած զինատեսակներ, ինչպէս նաեւ կը սպանեն (նաեւ՝ գլխատման միջոցով) ռազմագերիները, կը կատարեն այլ պատերազմական յանցագործութիւններ եւ կ'իրականացնեն Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) բնակչութեան ազգային զտում։

Այս գործողութիւններու հետեւանքով իրական դարձած է վտանգը, որ նոր ցեղասպանութիւն կ'իրագործուի ցեղասպանութեան արհաւիրքը վերապրած ազգի դէմ։

Հաշուի առնելով վերոնշեալ իրողութիւնները՝ կոչ կ'ընենք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) ողջ տարածքին յայտարարել եւ բոլոր միջոցներով պարտադրել ոչ թռիչքային գօտի (no-fly zone | бесполетная зона | zone d'exclusion aérienne)՝ բոլոր տեսակի թռչող սարքերու համար, որ հնարաւորութիւն կու տայ կանխել պատերազմական յանցագործութիւններու յետագայ ընթացքը եւ բացառել մարդասիրական աղէտի հետեւանքները։

Միաժամանակ, կոչ կ'ընենք ԵԱԿՀ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ֆրանսային եւ ԱՄՆ֊ին աջակցելու այս առաջարկութեան ընդունման, իրականացմանն ու պարտադրման։

Կը դիմենք ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչին, որպէսզի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ներկայացուի Արցախի տարածքին ոչ թռիչքային գօտի յայտարարելու առաջարկութիւնը։