Այսօր նախատեսուած որոնողական աշխատանքները չեղարկուած են մառախուղի պատճառով

2021-03-08
Image

Արցախի հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այսօր Արցախի հարաւային թեւին մէջ (Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններ) նախատեսուած որոնողական աշխատանքները չեղարկուած են մառախուղի եւ անբաւարար տեսանելութեան պատճառով:

Նման պարագային աշխատանքը արդիւնք չի տար: Եթէ եղանակային պայմանները թոյլ տան՝ որոնումները կը շարունակուին վաղը, յայտնած է ԱԻՊԾ-ն:

Նշենք, որ զինադադարէն ետք մինչ օրս յայտնաբերուած է 1490 աճիւն: