Այսօր Վազգէն Սարգսեանի՝ Սպարապետի ծննդեան օրն է. Ան կը դառնար 64 տարեկան

Այսօր կը լրանայ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան զօրեղացման խրամատներուն մէջ կանգնած, պետական, քաղաքական, ռազմական գործիչ, նախկին վարչապետ, պաշտպանութեան առաջին նախարար, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 64-րդ տարեդարձը
Արցախեան ազատամարտը էականօրէն պայմանաւորեց Վազգէն Սարգսեանի ճակատագիրը։ Շարժման առաջին իսկ օրերէն ան ազատամարտիկներու շարքերուն մէջ էր` իբրեւ արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին կազմակերպիչներէն մէկը։
1990-91 թուականներուն Վազգէն Սարգսեանը իր հրամանատարութեան ներքոյ միաւորած է երկրապահ կամաւորական ջոկատները, եղած է ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ։
Վ.Սարգսեանը մեծ ջանքեր ներդրած է հայրենի հողն ու սահմանները թշնամիի ոտնձգութիւններէն զերծ պահելու եւ յաղթանակ ձեռք բերելու գործին մէջ։ 1991-ին նշանակուելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար` ան մեծ աւանդ ունեցած է Հայաստանի պետական շինարարութեան, ազգային բանակի ստեղծման գործին մէջ:
Ան հիմնադրած է «Երկրապահ» կամաւորականներու միութիւնը՝ ընտրուելով ԵԿՄ նախագահ։ Արժանացած է Արցախի հերոսի կոչման եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանի։ 1999-ի դեկտեմբերին յետմահու արժանացած է Հայաստանի «Ազգային հերոսի» կոչման եւ «Հայրենիք» շքանշանի։
Անոր քաղաքական գործունէութիւնը սկսած է 1999-էն՝ որպէս «Հանրապետական» կուսակցութեան առաջնորդ, ապա «Միասնութիւն» դաշինքի համանախագահ։ 1999-ի յունիսին դարձած է Հայաստանի վարչապետ եւ քանի մը ամիս անց՝ 27 հոկտեմբերին, զոհուած է Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով։