Այսօր քարոզարշաւի վերջին օրն է. վաղը քաղաքական ուժերը պէտք է լռութիւն պահպանեն

2021-06-18
Image

Այսօր՝ 20 Յունիսը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի վերջին՝ 11-րդ օրն է: Վաղը լռութեան օր է, որու ընթացքին քարոզարշաւը կ'արգիլուէ: 

Քաղաքական ուժերը այսօր վերջին հնարաւորութիւնն ունին ներկայանալու ընտրողներուն: Երեւանի մէջ այսօր բազմաթիւ արշաւներ նախատեսուած են: Ամենամեծ միջոցառումը Հայաստան դաշինքի հանրահաւաքն է, որ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ: 

Այսօր ընտրողներու հետ հանդիպումներ ունին նաեւ այլ քաղաքական ուժեր, սակայն մեծ մասը որոշած են քարոզարշաւն ամփոփել ասուլիսային ձեւաչափով:

Կը սպասուի, որ այսօր ընտրողներու հետ ուղիղ միացմամբ շփուի ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանը: 

Յիշեցնենք, ընտրութիւններուն կը մասնակցի 25 ուժ, այդ շարքին 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք: