Այս պահուն 49 զոհ ունինք. ցաւօք թիւը վերջնական չէ․ Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր Ազգային Ժողովի մէջ ըսած է, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմը 49 զոհ ունի:
Ան ըսած է, որ «թիւը, ցաւօք, վերջնական չէ»:
Վարչապետն ըսած է, որ զինուորները եւ սպաները «կռուել են հերոսաբար»:
Նիկոլ Փաշինեանն ըսած է, որ մէկ-երկու ուղղութիւններով Ատրպէյճանի յարձակումը կը շարունակուի, թէեւ մարտական գործողութիւններու աշխուժութիւնը նուազած է: