Այցելութիւն մարտական յենակէտեր

2021-06-24
Image

5-րդ զօրամիաւորման հրամանատար, գնդապետ Ս․ Գրիգորեանի ուղեկցութեամբ Արարատի մարզպետ Ռազմիկ Թեւոնեանն ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  խումբ մը ներկայացուցիչներ այցելած են զօրամիաւորման պահպանութեան գօտիի մարտական յենակէտեր։

Անոնք ծանօթացած են զինծառայութեան պայմաններուն, դիրքերուն մէջ ընթացող ճարտարապետական եւ ամրաշինական աշխատանքներուն, զրուցած են զինծառայողներու հետ, վերահաստատած են համագործակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը։