Անկախութեան օրուան առիթով պիւտճէէն գումար չէ ծախսուած. Արայիկ Յարութիւնեան

2021-11-03
Image

Հայաստանի Անկախութեան տօնի առիթով պետական պիւտճէէն ոչ մէկ դրամ ծախսուած է: Այս մասին այսօր ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ անդրադառնալով «Հայաստան» խմբակցութենէն Աղուան Վարդանեանի յայտարարութիւններուն՝ վստահեցուց ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը:

«ՀՀ պետական պիւտճէով այս տարի Անկախութեան տօնի վրայ 0 դրամ է ծախսուել: Որտեղ հնարաւորութիւն ունենք, գործընկերների հետ իրականացնում ենք ծրագիր, որ լրացուցիչ ծանրաբեռնուածութիւն չլինի պիւտճէի վրայ»,-ըսած է Յարութիւնեանը:

Ինչ կը վերաբերի Քաղաքացիի օրուան, որու համար, ըստ Աղուան Վարդանեանի, պիտի յատկացուի 400 մլն դրամ, Յարութիւնեանը նշած է. «Մենք ամէն տարի պէտք է նշենք, ասեմ աւելին, հնարաւորութեան դէպքում այդ պիւտճէն պէտք է աւելացնենք, որովհետեւ, ի տարբերութիւն ձեր իշխանութեան տարիների, քաղաքացին մեր գերագոյն արժէքն է: Եւ քաղաքացին է, որ ցոյց է տալիս իւրաքանչիւրիս տեղը քաղաքական կեանքում: Այո, մենք չենք կարող նշել օլիկարխի տօն ու չենք նշելու, մենք չենք նշելու պիւտճէից գումարներ յափշտակողների տօն, սա այլ արժեհամակարգ կրող քաղաքական ուժերինն է, մենք նշելու ենք քաղաքացու տօնն ու աւելի մեծ շուքով»,- նշած է Յարութիւնեանը:

Յիշեցնենք, որ Աղուան Վարդանեանը նշած էր, որ Անկախութեան օրը ծախսուած է ոչ թէ 40 միլիոն դրամ, այլ 400-450 մլն դրամ: