Անհրաժեշտ պատասխան՝ նախայարձակի համար հետեւանքներով. Փաշինեան հայ ռազմագերիներու գնդակահարման տեսանիւթի մասին

«Հայաստան պիտի օգտագործէ միջազգային բոլոր գործիքակազմերը ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ հայ ռազմագերիներու խումբ մը գնդակահարելու ռազմական յանցագործութեան հետաքննութիւն ապահովելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ: Բռնութեան այսպիսի արարքները պէտք է անհրաժեշտ պատասխան ստանան նախայարձակի համար հետեւանքներով»: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` «Թուիթըր»-ի վրայ կատարուած գրառումներու մէջ անդրադառնալով ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ հայ ռազմագերիները գնդակահարելու տեսանիւթին:
«Ընկերային ցանցերու մէջ սարսափելի տեսանիւթ մը եւս տարածուած է: Ատրպէյճանցի զինուորները կը գնդակահարեն հայ ռազմագերիներու խումբը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակօրէն դատապարտէ եւ հասցէական գնահատական տայ այս պատերազմական յանցագործութեան, ինչպէս նաեւ քայլերու ձեռնարկէ Ատրպէյճանի նախայարձակումը կասեցնելու ուղղութեամբ»:
«Հայաստանը պիտի օգտագործէ միջազգային բոլոր մեքանիզմները հետաքննութիւն ապահովելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ: Բռնութեան այսպիսի արարքները պէտք է անհրաժեշտ պատասխան ստանան նախայարձակի համար հետեւանքներով», -գրած է Փաշինեան: