Անյայտ անձեր սպառնացած են պայթեցնել Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ դեսպանատուները
7 Յունուարին անյայտ անձեր պայթումի սպառնալիքներով նամակներ ուղարկած են Ռուսաստնաի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու ելեկտրոնային փոստին: Անոնք կը պահանջէին Ղազախստանի տարածքէն դուրս բերել երկիրներու զօրքերը։ Շէնքերը հետազօտուած են, պայթուցիկ սարքեր եւ պայթուցիկ նիւթեր չեն յայտնաբերուած:
Ռուսաստանի ոստիկանութեան աշխատակիցները քրէական գործեր յարուցած են Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու պայթումի սպառնալիքներով անանուն հաղորդումներէն յետոյ:
Քրէական գործեր յարուցուած են ՌԴ ՔՕ 207-րդ յօդուածի 2-րդ մասով («ակնյայտ կեղծ հաղորդում ահաբեկչութեան արարքի մասին»: Յօդուածի պատժամիջոցը կը նախատեսէ 500-էն մինչեւ 700 հազար ռուբլիի չափով տուգանք կամ երեքէն մինչեւ հինգ տարուայ ազատազրկում: