Աշխարհակարգը բոլորիս աչքի առաջ կը փլուզուի. Փաշինեան

Կառավարութեան նիստի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է աշխարհակարգի փոփոխութիւններուն եւ ատոնց առընթեր Հայաստանի դիմադրողականութեան անհրաժեշտութեան:
«Աշխարհը բոլորիս աչքի առաջ փլուզւում է: Մենք պէտք է աշխատենք այս իրողութեան արձանագրմամբ: Այսօր գոնէ Եւրասիական տարածաշրջանում չկայ մի երկիր եւ պետութիւն, որ այս ցնցումից հարուածի իր բաժինը չի ստանալու: Այս փլուզման գործընթացի մէջ պէտք է լինենք կրկնակի ճկուն, կրկնակի ինտելեկտուալ (զարգացած), դիմադրողական, որպէսզի կարողանանք մեր երկիրն այս փոթորկուած ովկիանոսի միջով անցկացնենք խաղաղ նաւահանգիստ:
Սրա համար մեզ պէտք է յատուկ կամք, իմաստնութիւն, աշխատասիրութիւն, հետեւողականութիւն:
Մենք պէտք է նորից անդրադառնանք մտածողութեան այն բանաձեւերին, որոնցով առաջնորդուել ենք որպէս պետութիւն եւ ժողովուրդ: Պէտք է վերստուգենք այդ բանաձեւերը եւ համոզուենք դրանց կենսունակութեան մէջ: Եթէ չհամոզուենք դրանց կենսունակութեան մէջ, ուրեմն պէտք է այդ բանաձեւերում անել որոշակի սրբագրումներ մեր երկրի կենսունակութիւնը, դիմադրողականութիւնը եւ յարատեւութիւնն ապահովելու համար»,-ըսած է Փաշինեան: