Աշխարհի գաւաթ․ Արթուր Դաւթեանը՝ ոսկեայ մետալակիր

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու պրոնզեայ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան աշխարհի բաժակի խաղարկութեան ոսկեայ մետալակիր է:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Գերմանիոյ Քոտպուս քաղաքին մէջ ընթացող բաժակի խաղարկութեան առաջին փուլին Դաւթեան առանձին գործիքներու յենացատկի վարժութեան եզրափակիչին վաստակեց 15.133 միաւոր եւ գրաւեց առաջին տեղը` դառնալով ոսկեայ մետալակիր:
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Գագիկ Խաչիկեան երկրորդն էր աշխարհի բաժակի խաղարկութեան առաջին փուլի նժոյգ-թափերու, իսկ հաւաքականի անդամ Արթուր Աւետիսեան երրորդն է օղակներու վարժութեան: