Ապատեղեկատւութիւն է. ՀՀ ՊՆ-ն կը հերքէ ատրպէյճանական կողմի տարածած լուրը

2022-10-04
Image

Ատրպէյճանական կողմի տարածած տեղեկութիւնը, թէ ՀՀ Զինուած Ուժերը կրակ բացած են սահմանի հարաւային եւ հիւսիս–արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու վրայ, ապատեղեկատւութիւն է։

Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսյեան։

Աւելի վաղ ատրպէյճանական ԶԼՄ–ները գրած էին, որ կրակոցները գրանցուած են 4 հոկտեմբերի գիշերը։