Առանց միջազգային երաշխիքներու առաջ երթալ հնարաւոր չէ․ Փաշինեան՝ ԼՂ հարցի մասին

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու հարցը պէտք է հասցէագրուի եւ հարցի առաջնային շահառուն պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, եւ այդ հարցը միջազգային մեխանիզմներով պէտք է դիտարկուի Պաքու-Ստեփանակերտ հարթութեան մէջ. մարտ 14-ի ասուլիսին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Մենք ասել ենք եւ ասում ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցը մեզ համար չափազանց կարեւոր է, դա մեր առանցքային նպատակներից մէկն է։ Մեր ընկալումը հետեւեալն է, որ ճիշդ կը լինի, որ այդ հարցի հետապնդողը, առաջնային մանդատառուն, ինչպէս եւ կայ իրականում, լինի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը: Այս դիրքորոշման համար կան եւ օբյեկտիւ եւ սուբյեկտիւ պատճառներ: Մենք կարծում ենք, որ այդ խօսակցութիւնը պէտք է տեղի ունենայ Բաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ»,-ըսած է վարչապետը:
Ան աւելցուցած է, որ գործընթացները կը բերեն եզրակացութեան, որ այստեղ ալ առանց միջազգային մեխանիզմներու եւ երաշխիքներու առաջ երթալ հնարաւոր չէ:
Փաշինեանի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան շրջանակը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը եւ կառավարութիւնը պէտք է որոշեն:
Իշխանութեան կողմէ բարձրաձայնուող «տեսանելի միջազգային մեխանիզմ»ի մասին հարցին ի պատասխան՝ Փաշինեան նշած է, որ մեխանիզմն անհրաժեշտ է՝ երաշխաւորելու Ատրպէյճանի հետ «խօսակցութեան շարունակականութիւնը», քանի որ ժամանակի ընթացքին «անվտանգութիւնը եւ իրաւունքները դարձան ինտեգրացիա»։ Ան կրկնած է՝ «չեն պատրաստաւում Ադրբեջանին Լեռնային Ղարաբաղում էթնիկ զտումների մանդատ տալ»։