Առաւօտեան վերսկսած են մարտական գործողութիւնները հիւսիս-արեւելեան, հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան ուղղութիւններով

Հակառակորդի խմբաւորումներու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ գիշերուայ ընթացքին շարունակուած են լրահետախուզման եւ կրակային խոցման միջոցառումները: Ոչնչացուած է թշնամական մէկ մեքնայ՝ բեռնուած զինամթերքով: Ուժերու դասաւորուածութիւնը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով մնացած է անփոփոխ: ՊԲ ստորաբաժանումները յաջող պաշտպանական մարտեր վարած են հիւսիս-արեւելեան, հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան ուղղութիւններով: Իւրային զօրքերու կողմէ խոցուած են նաեւ թշնամական 1 հրասայլ, 1 հետեւակի մարտական մեքենայ եւ 5 անօդաչու թռչող սարք:
Առաւօտեան վերսկսած են մարտական գործողութիւնները նշուած ուղղութիւններով: Հակառակորդը կը շարունակէ բացի պաշտպանական բնագիծերէն, թիրախաւորել նաեւ խաղաղ բնակավայրերն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: Թշնամական ուժերը կիրառած են նաեւ Ժընեւեան համաձայնագրերով արգիլուած եւ քիմիական զէնքի տարրեր (սպիտակ ֆոսֆոր) պարունակող զինատեսակ:
Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ: