Ատրպէյճանական կողմը կրակահերթեր արձակած է Շուշիի մօտակայքը՝ Շոշ եւ Մխիթարաշէն համայքներու ուղղութեամբ

Շուշիի մօտակայքը` յատկապէս Շոշ եւ Մխիթարաշէն համայնքներուն ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն 24 օգոստոսին` օրուան ընթացքին եւ մինչեւ ուշ գիշեր, ատրպէյճանական կողմը աշխուժօրէն եւ մնայուն կրակահերթեր արձակած է հայկական դիրքերուն եւ անոնց մօտակայքը տեղակայուած հայկական խաղաղ բնակավայրերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
Ասկերանի շրջանի Մխիթարաշէն գիւղին դիմաց տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն տարբեր զինատեսակներու բեկորները հասած են գիւղի բնակելի հատուած, իսկ 24 օգոստոսին` ժամը 22:00-ի շուրջ, Շուշիի հատուածէն արձակուած կրակոցներէն վնասուած է համայնքի բնակիչներէն մէկուն տունը:
«Ատրպէյճանի վարքագիծը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ խաղաղ բնակավայրերու դրացնութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը պէտք է գտնուին բնակավայրերէն այնպիսի հեռաւորութեան վրայ, որ կարելի չըլլայ ուղիղ դիտարկումով նշանառութեան տակ պահել քաղաքացիական բնակավայրերը, քանի որ անոնք անմիջական եւ իրական սպառնալիք կը հանդիսանան Արցախի ժողովուրդին կեանքին, առողջութեան եւ այլ կենսական իրաւունքներու, ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան:
«Ատրպէյճանական զինուած ուժերու անօրինական գործողութիւններու պատճառով կը վտանգուին սահմանամերձ դարձած բնակավայրերուն մէջ խաղաղ բնակչութեան բնականոն կեանքն ու գործունէութիւնը:
«Անգամ մը եւս կ՛ընդգծեմ դէպքերու քննութեան յստակ մեքանիզմներու ներդրման կարեւորութիւնը, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ պատասխանատուութեան ենթարկել դէպքերուն հեղինակները եւ կանխել անոնց հետագայ կրկնութիւնը», նշած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: